Երեխաներու հետ առցանց աշխատանոցներ
Online workshops with children
Երեխաներու հետ առցանց աշխատանոցներ
Online workshops with children
Our online workshops with children are designed for ages 8–12.
The program is delivered through online sessions lasting 50 minutes.
Տե՛ս աշխատանոցներուն օրերն ու ժամերը։
Դիմումնագիրին մէջ աշխատանոցին թիւը նշելով ուղղակիօրէն կրնաս արձանագրուիլ։ (Եթէ ժամերը չյարմարիր, սեղմէ՛ )
See the workshop dates and your local times.
By indicating the workshop number in the registration form, you can register directly. (If these times don’t suit you, click here!)
We organize workshops on Wednesdays for participants from Eastern countries (Australia, China, etc.) at a time convenient for them. You can select this option when filling out the registration form. See the workshop time in your local time.
Աշխատանոցներուն ժամերը միասին որոշենք
Ո՞ր օրը աւելի յարմար պիտի ըլլար ձեզի, ո՞ր ժամերուն աւելի հաւանականութիւն կայ աշխատանոցի մը ձեր մասնակցութիւնը բերելը։ Իրար լսենք եւ ըստ այնմ որոշենք։
Այսպիսով «Հապա եթէ»-ն ոչ մէկ գաղութ զրկելով կը հասնի բոլորին։
Ձեզի կը հրաւիրենք այս հարցարանը լրացնելու։ ⬅️
Ձեզի շուտով պիտի կապուինք։
Let’s decide the workshop times together
Which day would suit you best, and at what times would you be more likely to take part in a workshop? Let’s listen to one another and decide accordingly.
In this way, “Haba Yete” can reach everyone without leaving
any community aside.
We invite you to fill out this form. ⬅️
We will be in touch with you soon.
Չափահասերու հետ առցանց աշխատանոցներ
Online workshops with adults
Այժմ չափահասերու յատուկ շարունակող առցանց աշխատանոցներ չունինք։
Եթէ կ՚ուզէք կազմակերպել, կապ հաստատեցէք մեզի հետ։
At the moment, we do not offer ongoing online workshops specifically for adults. If you would like to organize one, please get in touch with us.
Առցանց գործակցութիւններ՝
(online collaborations)
Պէյրութ – Մեսրոպեան Վարժարան, Լիբանան (2024)
Beirut – Mesrobian School, Lebanon
Աշակերտներով հեքեաթի աշխատանոց մը կերտեցինք։
Պէյրութ – ՀԲԸ Միութեան վարժարանները (2024)
Beirut – AGBU Union Schools
Աշակերտներով շարանկարի աշխատանոց մը կերտեցինք։
Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի Ուսուցիչներ (2024)
Teachers of Turkish-Armenian Teachers' Association
Ուսուցիչներուն հետ իրենց դասընթացքներուն մէջ օգտագործուելիք ստեղծարար աղբիւրները իրենց հետ փորձելով բաժնեցինք։
Տեղւոյն վրայ գործակցութիւններու ցանկը
On-site collaborations
« Հապա եթէ նկարը...»
Նկարներով քննադատական մտածողութեան աշխատանոց
Աշխատանոցի ամփոփում՝ այս աշխատանոցին նպատակն է երեխան հրաւիրել յայտնի գեղարուեստական գործերու մասին մտածելու, իր գաղափարները բաժնելու եւ գործերը քննադատելու։ Այս աշխատանոցը ըստ երեխաներու հետաքրքրութեան կրնայ վերածուիլ նոր ստեղծագործութեան աշխատանոցներու։
«Հապա եթէ շարժանկարը...»
Շարժանկարի աշխատանոց
Այս աշխատանոցին միջոցաւ պիտի յայտնաբերենք շարժանկարի աշխարհը, նշելով սինեմային անցեալը եւ իր ձեւերը։ Հոս նաեւ պիտի գործածենք արեւմտահայերէնով առցանց մանկավարժական աղբիւրներ։ Այս աշխատանոցին նպատակն է դիտել ուրիշ աչքով մը, մտածել տեսողական աշխարհին եւ անոր բաղադրիչներուն մասին։
« Հապա եթէ հեքեաթը...»
Հեքեաթի աշխատանոց
Այս աշխատանոցին նպատակն է երեխան հրաւիրել պատմութիւն մը յօրինելու հանգրուաններուն մասին մտածելու, իր հանգրուանները ստեղծելու եւ ի վերջոյ յօրինուած պատմութիւնը ուսումնասիրելու։ Հո՛ս, ըստ փափաքի, կրնանք մեկնիլ յայտնի հին հէքեաթներէն, կամ ստեղծել բոլորովին նոր պատմութիւն մը։
«Հապա եթէ»ի աշխատանոցները մերթ ընդ մերթ կրնան կրկնուիլ կամ նոր թեմաներով թարմանալ։