Քայլ առ քայլ դէպի առցանց աշխատանոց
Քայլ առ քայլ դէպի առցանց աշխատանոց
Step-by-step guide to the online workshop
«Հապա եթէ»-ի հարթակին վրայ զանազան
առցանց ստեղծարար աշխատանոցներ պիտի գտնէք։
Այս աշխատանոցները՝
50 վայրկեան տեւողութեամբ առցանց նիստեր են։
On the Haba Yete platform, you will find a variety of online creative workshops.
These workshops are delivered as 50-minute online sessions.
Ձեր երեխային հետաքրքրող աշխատանոցներուն դիմելու համար պէտք է լրացնէք աշխատաներու դիմումնագիրը։
To apply for workshops that interest your child, you need to fill out the workshop application form.
«Հապա եթէ»-ի աշխատանոցներուն կարելի է նաեւ խումբով արձանագրուիլ։
Նկատի ունենալով, որ այս ծրագիրը կ՚իրագործուի առցանց, հետեւաբար տարբեր գաղութներէ մասնակիցներ կ՚ունենայ։ Այս առիթ կը ստեղծէ, որ մասնակիցները տարբեր ժամային գօտիներէ բերեն իրենց մասնակցութիւնը մեր աշխատանոցներուն.
ուստի «Հապա եթէ»-ն յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ այս
հանգամանքին եւ լաւագոյնը կ՚ընէ յարմարելու բոլորին ժամանակացոյցին։
Իսկ եթէ պատահի, որ ձեզի յարմար տարիքի, թուականի ու ժամի աշխատանոց չգտնէք, մեզի հետ կապ հաստատելով կրնաք մեզի տեղեակ պահել։
Խօսինք, ծրագրենք, ձեզի յարմար աշխատանոցներ կազմակերպենք։ ➡️
Group registration is also available for Haba Yete workshops.
As the program is online, participants join from different communities and time zones.
Haba Yete makes every effort to schedule workshops that suit everyone.
If you cannot find a workshop that fits your needs, please contact us so we can plan one together. ➡️
Աշխատանոցները «Զում» հարթակին վրայ տեղի պիտի ունենան։
Իւրաքանչիւր նիստին յղումը օր մը առաջ իմակով պիտի ստանաք։
The workshops will take place on the Zoom platform.
You will receive the link to each session by email one day in advance.
Այս իմակով նաեւ պիտի ստանաք ուղեցոյց մը, որուն նպատակն է ձեր ընտրած աշխատանոցին կամ աշխատանոցներուն նախապատրաստութեան ընթացքը դիւրացնել։
Այս ուղեցոյցը չափահասներուն համար հայերէնով, անգլերէնով,
թրքերէնով, սպաներէնով եւ ֆրանսերէնով պատրաստուած է։
With this email, you will also receive a guide designed to help facilitate
the preparation process for the workshop or workshops you have chosen.
This guide is prepared for adults in Armenian, English, Turkish, Spanish, and French.
🖌 Գծեց ՝ Սարիկ (Պոլիս)
Իւրաքանչիւր աշխատանոցի շարքի աւարտը իմակով պիտի ստանաք անցեալ աշխատանոցին ամփոփումը, օգտագործուած ունակութիւնները եւ աշխատանոցի բառապաշարը։
Տեսէ՛ք Ուաշընկթըն Տի Սի-էն մասնակցող Հէնրիկը, օրուան բառապաշարի ցանկը կախեր է իր սենեակի պատին՝
After each workshop series, you will receive an email with a summary of the session, the skills used, and the workshop vocabulary. See Henrik, who participated from Washington, D.C., hanging the day’s vocabulary list on the wall of his room.