Խորհրդանշաններ՝
Խորհրդանշաններ՝
« Հապա եթէ նկարը...»
Նկարներով քննադատական մտածողութեան աշխատանոց
Աշխատանոցի ամփոփում՝ այս աշխատանոցին նպատակն է երեխան հրաւիրել յայտնի գեղարուեստական գործերու մասին մտածելու, իր գաղափարները բաժնելու եւ գործերը քննադատելու։ Այս աշխատանոցը ըստ երեխաներու հետաքրքրութեան կրնայ վերածուիլ նոր ստեղծագործութեան աշխատանոցներու։
«Հապա եթէ շարժանկարը...»
Շարժանկարի աշխատանոց
Այս աշխատանոցին միջոցաւ պիտի յայտնաբերենք շարժանկարի աշխարհը, նշելով սինեմային անցեալը եւ իր ձեւերը։ Հոս նաեւ պիտի գործածենք արեւմտահայերէնով առցանց մանկավարժական աղբիւրներ։ Այս աշխատանոցին նպատակն է դիտել ուրիշ աչքով մը, մտածել տեսողական աշխարհին եւ անոր բաղադրիչներուն մասին։
« Հապա եթէ հեքեաթը...»
Հեքեաթի աշխատանոց
Այս աշխատանոցին նպատակն է երեխան հրաւիրել պատմութիւն մը յօրինելու հանգրուաններուն մասին մտածելու, իր հանգրուանները ստեղծելու եւ ի վերջոյ յօրինուած պատմութիւնը ուսումնասիրելու։ Հո՛ս, ըստ փափաքի, կրնանք մեկնիլ յայտնի հին հէքեաթներէն, կամ ստեղծել բոլորովին նոր պատմութիւն մը։
«Հապա եթէ»ի աշխատանոցները մերթ ընդ մերթ կրնան կրկնուիլ կամ նոր թեմաներով թարմանալ։
Աշխատանոցներուն ժամերը յարմար չե՞ն
Ո՞ր օրը աւելի յարմար պիտի ըլլար ձեզի, ո՞ր ժամերուն աւելի հաւանականութիւն կայ աշխատանոցի մը ձեր մասնակցութիւնը բերելը։ Իրար լսենք եւ ըստ այնմ որոշենք։
Այսպիսով «Հապա եթէ»-ն ոչ մէկ գաղութ զրկելով կը հասնի բոլորին։
Ձեզի կը հրաւիրենք այս հարցարանը լրացնելու։ ➡️
Ձեզի շուտով պիտի կապուինք։