Աշխատանոցին անունը՝ «Հապա եթէ հեքեաթը...» - Workshop E - Taller E - Atölye E - Atelier E
Ունակութիւններ՝ խօսիլ, պատմել, մտածել, քննադատել, կապ հաստատել, վերստեղծել, ուսումնասիրել
Աշխատանոցի ամփոփում ՝ այս աշխատանոցին նպատակն է երեխան հրաւիրել հեքեաթ մը յօրինելու հանգրուաններուն մասին մտածելու, իր հանգրուանները ստեղծելու եւ ի վերջոյ յօրինուած պատմութիւնը ուսումնասիրելու։ Հո՛ս, ըստ փափաքի, կրնանք մեկնիլ յայտնի հին հեքեաթներէն, կամ ստեղծել բոլորովին նոր պատմութիւն մը։
Ուղեկից՝ Մելիսա Ֆէրահեան, Գայիանէ Կավրիլօֆ
« Հեքեաթը ժողովրդական բանահիսութեան ամենատարածուած եւ գործածուող տեսակներէն մէկն է։ Հեքեաթը կը նպաստէ, աւանդութիւնը փոխանցելու պատանի սերունդին, բնութեան հասկացողութեան եւ մտային զարգացումի: Կը նպաստէ նաեւ պատմողին, որպէսզի մուտք գործէ երախային ներքին աշխարհին եւերեւակայութեան աճումին։
Այս նախագիծը պատրաստուած է 8-12 տարեկան մակարդակի առցանց համացանցային փոքրիկներու համար։
Նախագիծին հետեւանքով տղաքը իրենց տուներուն մէջ ալ դիւրութեամբ մտիկ կրնան ընել հայերէն հեքեաթներ։
Եւ գոյութիւն ունին նաեւ փոքրիկ անակնկալներ…։ »
Մելիսա Ֆէրահեան
Տարիք ՝ 8-12
(աւելի փոքրիկներուն համար խնդրենք կապ հաստատեցէ՛ք)