Մանկավարժական աղբիւրներ՝
Դժբախտաբար ծնողներ եւ դաստիարակներ կը դժուարանան ժամանակ գտնելու իրենց երեխաներուն համար նման խիտ ծրագիրներով ու ստեղծարար խաղերով աշխատանք մը պատրաստելու։ «Հապա եթէ»-ն, իր աշխատանոցներուն մէջ իրագործած խաղերը եւ վարժութիւնները ձեզի հետ բաժնելով, կ՚ուզէ թէ՛ ձեզի ժամանակ խնայել տալ եւ թէ՛ այս խաղերը բազմաթիւ հայախօս երեխաներու հասանելի դարձնել։ Լեզուն արտադասարանային շրջարկով մը երեխաներուն հրամցնելը կրնայ նպաստել անոնց այդ լեզուն լաւագոյնս իւրացնելու աշխատանքին։