Խորհրդանշաններ՝
Ներկայ աշխատանոցները՝
- Թուական չունեցող աշխատանոցներուն դիմել եւ տեղ գրաւել կարելի է։ Տե՛ս՝ «յառաջիկայ աշխատանոցները» -
- Թուական չունեցող աշխատանոցներուն դիմել եւ տեղ գրաւել կարելի է։ Տե՛ս՝ «յառաջիկայ աշխատանոցները» -
խաղով համով
( Աշխատանոց Ա / taller A / workshop A / atölye A / atelier A )
Տարիք՝ / Age / Yaş / Edad / Âge: 8– 12
Աշխատանոցի ամփոփում՝ այս աշխատանոցին նպատակն է խաղերու միջոցաւ մասնակիցը հրաւիրել մեր առցանց ստեղծարար աշխարհին։Գրաւիչ եւ թեթեւ խաղերու շնորհիւ կ՚ուզենք մասնակիցին առիթներ ստեղծել, որպէսզի ան կարենայ ազատօրէն մասնակցիլ աշխատանոցին։
« Հապա եթէ հեքեաթը...»
( Աշխատանոց Ե / taller E / workshop E / atölye E / atelier E )
Տարիք՝ / Age / Yaş / Edad / Âge: 8 – 12
Աշխատանոցի ամփոփում՝ այս աշխատանոցին նպատակն է երեխան հրաւիրել պատմութիւն մը յօրինելու հանգրուաններուն մասին մտածելու, իր հանգրուանները ստեղծելու եւ ի վերջոյ յօրինուած պատմութիւնը ուսումնասիրելու։ Հո՛ս, ըստ փափաքի, կրնանք մեկնիլ յայտնի հին հէքեաթներէն, կամ ստեղծել բոլորովին նոր պատմութիւն մը։
Աշխատանոցներուն ժամերը յարմար չե՞ն
Ո՞ր օրը աւելի յարմար պիտի ըլլար ձեզի, ո՞ր ժամերուն աւելի հաւանականութիւն կայ աշխատանոցի մը ձեր մասնակցութիւնը բերելը։
Իրար լսենք եւ ըստ այնմ որոշենք։
Այսպիսով «Հապա եթէ»-ն ոչ մէկ գաղութ զրկելով կը հասնի բոլորին։
Ձեզի կը հրաւիրենք այս հարցարանը լրացնելու։ ➡️
Ձեզի շուտով պիտի կապուինք։
«Հապա եթէ»ի աշխատանոցները մերթ ընդ մերթ կրնան կրկնուիլ կամ նոր թեմաներով թարմանալ։ Եթէ մասնակիցին հետաքրքրուած աշխատանոցը նախկին նիստերով յառաջացած է, կրնանք իրեն ուրիշ աշխատանոց մը առաջարկել կամ նոյն աշխատանոցին գալիք նիստերուն համար իր անունը արձանագրել։