«Հապա եթէ»-ի ծրագիրին հետ կարելի է գործակցիլ եւ տեղւոյն վրայ աշխատանոցներ ընելու նպատակով կազմակերպուիլ։
«Հապա եթէ»-ի ծրագիրին հետ կարելի է գործակցիլ եւ տեղւոյն վրայ աշխատանոցներ ընելու նպատակով կազմակերպուիլ։
Պոլիս - Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարան
(Փետրուար, 2024)
Փարիզ - Համազգային Թարգմանչաց Վարժարան
(Մարտ, 2025)
Լոս Անճելըս - Մեսրոպեան Ազգային Վարժարան
(Մայիս, 2024)
— Շամլեան վարժարանէն ներս առիթը ունեցանք հիւրընկալելու «Հապա Եթէ» ստեղծարար աշխատանոցներու հեղինակ՝ Գայիանէ Կավրիլօֆը: Ինքը այցելեց վարժարանիս երրորդ կարգի չորս դասարանները: Ան աշակերտներուն հետ ուշադրութեան, յիշողութեան, կշռոյթներով եւ երգերով իւրայատուկ խաղեր ըրաւ, ինչպէս նաեւ յանկարծաբանութեան խաղերով եւ ստեղծարար աշխատանիստով աշակերտներուն երեւակայութեան նոր հորիզոններ բացաւ: Գայանէին ներկայութեամբ աշակերտները շատ հանգիստ եւ ազատ զգացին, մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով մասնակցեցան անոր ստեղծած խաղերուն, որոնց ընթացքին զարգացաւ անոնց համագործակցութեան ոգին, զիրար լսելու կարողութիւնը եւ հայերէնով արտայայտուելու եւ յանկարծաբանելու ինքնավստահութիւնը:
Այս աշխատանոցներուն ներկայ եղան նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներ, որոնք օգտուելով այս խաղային մօտեցումներէն, յետագային իրենց դասարաններէն ներս սկսան այդ խաղերը օգտագործել:
Շնորհակալութիւն եւ վարձքերնիդ կատար «Հապա Եթէ»
— Արփի Տապպաղեան
Շամլեան Վարժարան
Արեւմտահայերէն լեզուի ուսուցչուհի
Լոս Անճելըս - Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային Վարժարան
(Մայիս, 2024)
Մարսէյ - Համազգային Վարժարան
(Նոյեմբեր, 2022)
— «Հապա եթէ»ն զանազան հմտութիւններ զարգացնելու տարբեր ձեւեր ներածեց Համազգային Մարսէյի Ճեմարանի Գ. Դասարանի հայերէնի դասապահէն ներս։ Միասին խաղացինք, մարմինով ստեղծագործեցինք եւ արուեստի գործերու մասին զրուցեցինք։ Այս մէկը առիթ մը եղաւ մեր աշակերտներուն յայտնաբերելու հայերէնը դասէն անդին։ Գայիանէն հեզասահ կերպով բնական կապ մը ստեղծեց երեխաներուն հետ։ Միասին հաճելի, հետաքրքրական եւ օգտաշատ պահ մը անցուցինք, աշակերտները մեծ գոհունակութիւն արտայայտեցին, ինչպէս նաեւ լիցքաւորուած դուրս եկան աշխատանոցէն։
— Լոռի Սարգիսեան
Համազգային Մարսէյի Ճեմարան
Արեւմտահայերէն լեզուի ուսուցչուհի
Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարան (Փետրուար, 2024 - Յունիս, 2025)
Պէզճեան Մայր Վարժարան (Հոկտեմբեր, 2023) Տեսերիզ
Մարսէյ - Համազգային Վարժարան (Նոյեմբեր, 2022 /Մարտ, 2025)
Վալանս - Գէւորգ Արապեան Ֆրանսահայկական Վարժարան (Մարտ, 2025)
Փարիզ - Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ Արապեան Վարժարան (Փետ., 2023 / Դեկ., 2023)
Փարիզ - Դպրոցասէր Վարժարան (Մարտ, 2025)
Փարիզ - Համազգային Թարգմանչաց Վարժարան
Մոնթեպելլօ - Մեսրոպեան Ազգային Վարժարան (Մայիս, 2024)
Կլէնտէյլ - Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային Վարժարան (Մայիս, 2024)
Շէրմըն Օքս- Շ. եւ Է. Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարան (Մայիս, 2024)
Պուէնոս Այրէս - «Հալինք - վառինք» ծրագիրով՝
Մխիթարեան Վարժարան (Փետրուար, 2024)
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Վարժարան
(Փետրուար, 2024)
Պուէնոս Աիրէսի հայ դաստիարակներու ուղղուած ստեղծարար աշխատանոցներ (Մարտ, 2024)
Այս ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեան հասնելու համար ՝ սեղմէ՛
«Հապա եթէ» ծրագիրը նաեւ տեղւոյն վրայ իր աշխատանոցները վարելու սկսած է դպրոցներու, ճամբարներու, մանկանց երգչախումբներու հետ, թէ՛ երեխաներու, թէ՛ դաստիարակներու հետ։
🔹 Հապա ուսուցիչներուն հետ ալ ստեղծարար աշխատանոցներ կազմակերպէի՞նք։
Անոնք մեզի եւ մենք ալ անոնց ներշնչելով, երեխաներուն աւելի ստեղծարար աշխատանոցներ տրամադրելու նպատակով կը հանդիպինք, կ՚աշխատինք։ 🫂
Պոլիսէն խումբ մը դաստիարակներ, Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկին հետ գործակցութեամբ Մարտ - Մայիս 2025 ամիսներուն միջեւ «Հապա եթէ»-ի առցանց աշխատանոցներուն մասնակցեցան։ Տեսէ՛ք, թէ ինչե՜ր բխեցան իրենց վերլուծումներէն, ստեղծարար ոգիներէն։ ⬅️
Պոլսոյ յայտնի մանկանց երգչախումբներէն «Սայաթ Նովա Մանկանց Երգչախումբ»-ի աշխատանքներուն մէջ երեխաները ոչ միայն հայերէն երգեր կ՚երգեն, այլ նաեւ՝ հայերէնով կը խաղան եւ երաժշտութեան աշխարհը հայերէնով կը յայտնաբերեն։ Այս գծով դերակատարութիւն ունին «Հապա եթէ»-ի ստեղծարար խաղերը։