Աշխատանոցին անունը՝ « Հապա եթէ երեսը... »  Workshop L - Taller L - Atölye L - Atelier L


Ունակութիւններ՝  խօսիլ, արտայայտել, ստեղծել

Աշխատանոցի ամփոփում ՝  այս աշխատանոցին մէջ մեր երեսը, մեր մկանները գործածելով մուտք պիտի գործենք թատերական աշխարհ։ Բառերէն, խօսքերէն, ուրուագիծերէն հեռու՝ թատրոնը ինչպէ՞ս կրնայինք վայելել… տեսնե՛նք, տրամայի աշխարհը յայտնաբերե՛նք։

Ուղղեկիցները՝ Վաչէ Հովեյան

Աշխատանոցին յատկութիւնը՝ Այս աշխատանոցը բոլորովին անվճար կը մատուցուի։ 


Տարիք՝ 8-12





Հապա եթէ երեսի մասին պզտիկ ակնարկ  մը՝

Բացատրելը դժուար է։
Երեսով խենթանալը աշխարհ մըն է։
Երես - մկան եւ թատրոն, երաժշտութիւն եւ խաղ։
Եկո՛ւր միասին խենթանանք, միասին խնդանք եւ միասին վայելենք։


Արդեօք գիտե՞ս ինչպէս է վարդագոյն դուռին երեսը։

Տուպաի՝ 19:00

Պոլիս՝ 18:00

Փարիզ՝ 16:00

Լոնտոն՝ 15:00

Պուէնոս Աիրէս՝ 12:00

Ուաշինկթըն Տի Սի՝ 10:00