Աշխատանոցին անունը՝  «Հապա եթէ հեքեաթը...» - Workshop E - Taller E - Atölye E - Atelier E

Ունակութիւններ՝   խօսիլ, պատմել, մտածել, քննադատել, կապ հաստատել, վերստեղծել, ուսումնասիրել

Աշխատանոցի ամփոփում ՝ այս աշխատանոցին նպատակն է երեխան հրաւիրել հեքեաթ մը յօրինելու հանգրուաններուն մասին մտածելու, իր հանգրուանները ստեղծելու եւ ի վերջոյ յօրինուած պատմութիւնը ուսումնասիրելու։ Հո՛ս, ըստ փափաքի, կրնանք մեկնիլ յայտնի հին հեքեաթներէն, կամ ստեղծել բոլորովին նոր պատմութիւն մը։

Ուղեկից՝ Մելիսա Ֆէրահեան

« Հեքեաթը ժողովրդական բանահիսութեան ամենատարածուած եւ գործածուող տեսակներէն մէկն է։ Հեքեաթը կը նպաստէ, աւանդութիւնը փոխանցելու պատանի սերունդին, բնութեան հասկացողութեան եւ մտային զարգացումի: Կը նպաստէ նաեւ պատմողին, որպէսզի մուտք գործէ երախային ներքին աշխարհին եւերեւակայութեան աճումին։

Այս նախագիծը պատրաստուած է 8-12 տարեկան մակարդակի առցանց համացանցային փոքրիկներու համար։ Նախագիծին հետեւանքով տղաքը իրենց տուներուն մէջ ալ դիւրութեամբ մտիկ կրնան  ընել հայերէն հեքեաթներ։ Այս աշխատութեան մէջ կ՚օգտագործենք նաեւ հանելուկներ  եւ շուտասելուկներ։

Եւ գոյութիւն ունին նաեւ փոքրիկ անակնկալներ…։ »

Մելիսա Ֆէրահեան


Տարիք ՝  8-12



Պէտք եղած առակաները՝


Յիշատակներ ՝