Աշխատանոցին անունը՝  «Խաղով համով» - Workshop A - Taller A - Atölye A - Atelier A

Ունակութիւններ՝ խօսիլ, լսել, խաղալ, բաժնել, ստեղծել

Աշխատանոցի ամփոփում ՝ Այս աշխատանոցին նպատակն է խաղերու միջոցաւ մասնակիցը հրաւիրել մեր առցանց ստեղծարար աշխարհին։ Գրաւիչ եւ թեթեւ խաղերու շնորհիւ կ՚ուզենք մասնակիցին առիթներ ստեղծել, որպէսզի ան կարենայ ազատօրէն մասնակցիլ աշխատանոցին։

Աշխատանոցին յատկութիւնը՝ Այս աշխատանոցը բոլորովին անվճար կը մատուցուի։ 


Հիւրեր՝ yertik.com  - էն Սուրճ եւ Մուրճ

Մեր աշխատանոցներուն մէջ վարժ ենք «Երդիք» կայքէջէն տեսերիզներ դիտելու եւ հոնկէ խաղեր քաղելու։ Հապա եթէ «Ակուլ Տուկուլ» ծրագիրէն «Սուրճը եւ Մուրճը» մեզի այցելէին եւ մենք իրենց հետ խաղեր խաղայի՞նք, աղուոր կ՚ըլլար, չէ՞։

Այն ատեն կը տեսնուինք Մայիս 25-ին։ 


Տարիք՝ 8-12

Յիշատակներ ՝ 

Աշխատանոցի իրեր ՝ 






Շատ կը սիրենք մեր գիտելիքները զարգացնել խաղերով։

Անցեալ նիստերուն «խաղով համով» նիստերէն մէկուն ընթացքին երկիրներներու՝ իրենց մայրաքաղաքները եւ խօսուած լեզուներուն մասին խաղ մը խաղացինք։ Անոնք, որոնք կը ցանկան աշխարագրական խաղ մը  կազմակերպել, մեզի հետ կապ թող հաստատեն, ստանալու համար նկարներուն բարձրորակ տարբերակները։