«Հապա եթէ» ծրագիրը 8-12 տարեկան երեխաներու ուղղուած, առցանց ստեղծարար աշխատանոցներու շարք մըն է։
Մեր նպատակը՝ երեխաներուն համար ազատ վայր մը ստեղծել է, ուր անոնք կրնան արեւմտահայերէնով մտածել, ստեղծագործել, արտայայտուիլ եւ խաղալ։

Այս աշխատանոցներուն միջոցով, երեխաները աշխարհի չորս ծագերէն կ՚այցելեն
«հապա եթէ»-ներով լեցուն աշխարհ մը։



Ինչե՞ր կան կայքէջին մէջ

Յաջորդ աշխատանոցները՝  
 

խաղով համով
( Աշխատանոց Ա / taller A / workshop A / atölye A  / atelier A ) 


Տարիք՝ / Age / Yaş / Edad / Âge:   8– 12


Աշխատանոցի ամփոփում՝ այս աշխատանոցին նպատակն է խաղերու միջոցաւ մասնակիցը հրաւիրել մեր առցանց ստեղծարար աշխարհին։Գրաւիչ եւ թեթեւ խաղերու շնորհիւ կ՚ուզենք մասնակիցին առիթներ ստեղծել, որպէսզի ան կարենայ ազատօրէն մասնակցիլ աշխատանոցին։


Մի՛ մոռնաք՝ յաջորդ աշխատանոցին հիւրեր ունինք։ Նկարին մէջի տիպարները ծանօ՞թ են։  Սեղմէ՛ կոճակը ⬇️

նկարէ՛  - շարէ՛ , շարանկար է
(Աշխատանոց Դ / taller D / workshop  D / atölye D / atelier D) 


Տարիք՝ / Age / Yaş / Edad / Âge:   8– 12


Աշխատանոցի ամփոփում՝ այս աշխատանոցին նպատակն է երեխան հրաւիրել շարանկարի աշխարհ, ուր նկարներով պատմութիւններ պիտի ստեղծուին, կամ ալ՝ պատմութիւններով նկարներ։

Սեղմէ Կոճակը⬇️

Աշխատանոցներուն ժամերը յարմար չե՞ն
Ո՞ր օրը աւելի յարմար պիտի ըլլար ձեզի, ո՞ր ժամերուն աւելի հաւանականութիւն կայ աշխատանոցի մը ձեր մասնակցութիւնը բերելը։ Իրար լսենք եւ ըստ այնմ որոշենք։
Այսպիսով «Հապա եթէ»-ն ոչ մէկ գաղութ զրկելով կը հասնի բոլորին։
Ձեզի կը հրաւիրենք այս հարցարանը լրացնելու։      ➡️
Ձեզի շուտով պիտի կապուինք։