Կայքէջը գործածելու մասին տեսերիզ մը պատրաստեցինք եւ անգլերէն, ֆրանսերէն,
սպաներէն,թրքերէն լեզուներով ենթախօսքեր կցելով հայերէնով ձեզի համար բացատրեցինք։
Մայր էջին վրայ գտի՛ր
աշխատանոցներու կոճակները։
Աշխատանոցին թուականներուն, ժամերուն եւ յաւելեալ տեղեկութիւններուն կրնաք հասնիլ աշխատանոցին նկարը սեղմելով։
Աշխատանոցներու մասին քեզի յաւելեալ տեղեկութիւն կու տան նաեւ
«խորհրդանշաններ»-ը
Նաեւ զգուշացէ՛ք աշխատանոցին մասնակցութեան սահմանափակուած տարիքներուն։
հաճեցէ՛ք ուշադիր ըլլալ աշխատանոցին տրամադրուած՝
🗓️ թուականներուն
⏰ ժամերուն
Ժամերուն մասին պզտիկ օգնութիւն մը ՝
Նոյն էջին վրայ պիտի գտնէք իւրաքանչիւր աշխատանոցի դիմումնագիրը։
Իւրաքանչիւր աշխատանոց իր դիմումնագիրը ունի։ Եթէ նոյնիսկ աշխատանոցին թուականները չեն յայտարարուած, կրնաք ամէն պարագայի դիմել, ապագայի նիստերու մէջ ձեր տեղը ապահովել։
Դիմումնագիրին աւարտին սեղմեցէ՛ք «submit» կոճակը, որմէ ետք արձանագրութիւնը հաստատելու եւ աշխատանանոցի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն տալու համար ձեզի հետ շուտով կապ կը հաստատենք։