Ո՞վ ենք մենք, քիչիկ պատմենք...


Գայանէ

Շուրջս նայիլ շա՛տ կը սիրեմ։ Տեսարանները… ծովու ալիքները… քաղաքի աշխուժութիւնը… փողոցներուն մանրամասնութիւնները…

Շուրջիններուս նայիլ ալ շատ կը սիրեմ։

Խնդուքները… հետաքրքրութիւնները… շարժումները…

Երբ որ շուրջիններս կը դառնան մտերիմ, միջավայրը՝ հարազատ, ու սեղանին վրայ ալ կը դրուի համո՜վ կարկանդակ։

Ե՛ս ալ կ՚ըլլամ աւելի ուրախ եւ զուարթ։





Գայիանէ

Կը սիրեմ երազել։

Ա՛լ աւելի կը սիրեմ երազներս իրականացնել։

Չեմ սիրեր տուած որոշումներս մոռնալ։

Տեղը եւ ժամանակը կարեւոր են ինծի համար,— երբ չյարմարիր մէկը միւսին՝ ահա ատիկա ալ չեմ սիրեր։

Ուտելիքը եւ կերածս բաժնելը շա՜տ կը սիրեմ, բայց վերջին պատառը անպայման ե՛ս կ՚ուտեմ։

Կը փորձեմ քիչ մը աւելի առատաձեռն ըլլալ։

Անկեղծ գնահատանքը շա՛տ ոգեւորիչ է։

Ստեղծելը ախորժելի է, երբ կարելի է զայն բաժնել։

Խնդալը եւ խնդացնելը շա՛տ աղուոր է, երբ բոլորին հասնի։


Մեր գործակիցները, ուղեկիցները, հիւրերը եւ ընկերները՝




Մեր աշխատանոցներուն մերթ ընդ մերթ մաս կազմող ուղեկիցները եւ հիւրերը իրենց մասնակցութեամբ զանազան գոյներ կ՚աւելցնեն մեր միասնութեան։

Լաւ որ կան՝


Մեր լեզուական խորհրդատուները, որոնք ժամանակ տուած են այս տողերուն, պարբերութիւններուն, ընդհանուր գրութիւններուն լոյս տեսնալուն։

Լաւ որ կան՝



Մեր կամաւոր աջակիցները, որոնք միշտ կը քաջալերեն այս ծրագիրը, կը տարածեն եւ կ՚օժանդակեն, որպէսզի կարենանք մեծնալ, բազմանալ եւ զարգանալ։


Լաւ որ կան՝