«Հապա եթէ»-ներով լեցուն աշխարհին մասին…



«Հապա եթէ» ծրագիրը արեւմտահայերէնէն եւ որեւէ հայ գաղութէն հեռու աշխարհի մը մէջ ծնաւ։ Այս հեռու աշխարհին մէջ զգացինք, որ կրնանք առցանց աշխարհ մը կառուցել եւ հոն միասնաբար ստեղծագործել։ Նոր եւ առցանց աշխարհ մը կառուցելու գործին ուզեցինք 8-12 տարեկան երեխաներով լծուիլ։


Յանկարծաբանական խաղերու, գեղարուեստական աշխատութիւններու եւ քննադատական հարցադրումներու ընդմէջէն կ՚ուզենք ուղեկից ըլլալ երեխաներուն ստեղծագործութեան ընթացքին։ Այս աշխարհին մէջ, առանց որեւէ աշխարհագրական դիրքի մտահոգութեամբ, պիտի կերտենք վայր մը, ուր երեխաները իրենց զանազան ունակութիւններով առիթ պիտի ունենան ստեղծարար միտքերը զարգացնելու։



Այսպիսով, դպրոցներէն դուրս՝ տուներէն ներս, արեւմտահայերէնով ստեղծելու, խորհելու, խորանալու, երեւակայելու եւ խաղալու տարբեր առիթներ պիտի ստեղծուին։  

Աղուոր է, չէ՞։

«Հապա եթէ»-ն կը սիրէ՝ 

«Հապա եթէ»-ն չի սիրեր՝ 


Մեր մեկնակէտն է երեխային հետաքրքրող աշխատանք մը առաջարկելով ստեղծագործական ընթացքին մասնակից դարձնել երեխան։ 


Հոս կարեւոր է լեզուն ընդունիլ իբրեւ
հաղորդակցելու եւ գործակցելու միջոց։  

Կը հաւատանք, որ այս ձեւով երեխան լեզուն գործածելու համար նպատակ մը կ՚ունենայ եւ «ճիշդ» կամ «սխալ» խօսելու բարդոյթէն կը ձերբազատի։  

Կ՚ուզենք անուղղակի ձեւով ցոյց տալ, որ արեւմտահայերէնը սահմանափակուած չէ դպրոցով, դասարանով, դասով կամ ուսուցիչով,ամ՝ հայերէն (կամ որեւէ ուրիշ լեզու) խօսելու նպատակը ազգային արժէքները պահպանելը չէ։

Այս աշխատանոցները թէ՛ մեզի եւ թէ՛ երեխաներուն առիթներ կը ստեղծեն վայելելու հայերէնի տարբեր բնական խօսելակերպերը եւ լեզուական պատրաստութեան զանազանութիւնը։



«Հապա եթէ» ծրագիրը համեստ ձեռնարկ մըն է, որ կը փափաքի երեխաներուն հետ սովորականէն դուրս յարաբերութիւն մը ստեղծել։ Մանկավարժական տեսանկիւնով յարմար միջոցներ պրպտելը, զանոնք յարմարցնելը եւ գրաւիչ ձեւով ներկայացնելը ժամանակ եւ աշխատութիւն պահանջող գործեր են։
Պզտիկ ծրագիր մը ըլլալով, կ՚ապաւինինք մեր համայնքին աջակցութեան։

Այս ծրագիրին ետին կը գտնուին կամաւոր աշխատողներ, նուիրատուներ եւ հերթական կերպով հովանաւորողներ (այս տարի՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն - Հայկական Բաժանմունք ), որոնք կը նպաստեն մեր աշխատանքներուն ա՛լ աւելի ծաւալման, բազմազանութեան եւ հասանելիութեան։ Որպէսզի նիւթական դժուարութիւնը պատճառ չդառնայ ոեւէ երեխայի մեր աշխատանոցին մասնակցելէն զրկուելուն, 2023- 2024 տարեշրջանի բոլոր աշխատանոցները կը տրամադրուին անվճար։



Բաժանմունքին Ֆէյսպուքի էջին հասնելու համար սեղմէ՛։



Եթէ դուք ալ հայկական ուսուցման աշխարհին նորարար մեթոտներուն կը հաւատաք եւ զանոնք կը քաջալերէք, մեր ծրագիրին Փաթրէոնի աջակիցներէն մէկը դառնալու կը հրաւիրենք ձեզ։ Որեւէ նպաստ, անկախ իր քանակէն, պիտի օգնէ մեզի շարունակելու երեխաներուն հասանելի եւ հետաքրքրական աշխատանոցներ մատուցանել։



«Հապա Եթէ»-ին Փաթրէոնի աջակիցները՝

Շնորհակալ ենք