Նկարէ՛ - շարէ՛, շարանկար է          Դ /D

Աշխատանոցին անունը՝  « Նկարէ՛, շարէ՛ - շարանկար է» - Workshop D - Taller D - Atölye D - Atelier D

Ունակութիւններ՝   մտածել, ենթադրել, գաղափար բաժնել, քննադատել, ուսումնասիրել

Աշխատանոցի ամփոփում՝ այս աշխատանոցին նպատակն է երեխան հրաւիրել շարանկարի աշխարհ, ուր նկարներով պատմութիւններ պիտի ստեղծուին, կամ ալ՝ պատմութիւններով նկարներ։


Աշխատանոցին յատկութիւնը՝ Այս աշխատանոցը բոլորովին անվճար կը մատուցուի։ 

Տարիք ՝  8 - 12

Յիշատակներ ՝ 




Նախ, Ֆարիտ Պուճելլալին «Հայ Մեծ-Ման» գիրքին ընդմէջէն ծանօթացանք շարանկարներու եւ գծագրավէպերու: Ապա, ըստ մեր ստեղծած հեքիաթին, լեցուցինք պարապ խօսակցութեան փուչիկները՝ խնդալով, չափազանցելով, տիպարները երազելով..

Նկարներուն գործածութեան արտօնութեան համար շնորհակալ ենք այս ընտիր գիրքը գրող ու գծագրող Ֆարիտ Պուճելլալին եւ այս գիրքը հայերէն լեզուով տպելով մեզի տրամադրող Արաս Հրատարակչութեան:

Լաւ որ կաք...




Պոլիսէն Սիրունը առաջին օրէն վերջացուց իր շարանկարը։ Տեսէ՛ք Սիրունին ստեղծագործութիւնը՝

Գալ շաբաթներուն նայինք ինչեր պիտի պատահին։ Անհամբե՛ր ենք։




Իսկ Տուպաիէն Շաղիկը մեզի գծեց իր յիշատակներուն մէջէն պահ մը։

Տեսէ՛ք Շաղիկին ստեղծագործութիւնը՝
վայելեցէ՛ք իր ընտրած գոյները, լսեցէ՛ք տիպարներուն ձայները...



Հապա եթէ թիւերը լեզու ունենար, իրենց մասին շարանկար մը գծել կարելի կ՚ըլլա՞ր։